Ըստ Փաշինեանին Շուշին դիտաւորեալ յանձնուած է

2021-06-11
Image

Երէկ Լոռիի մարզին մէջ Նիկոլ Փաշինեանը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ նշած է, որ Շուշին յանձնուած է:

«Ի հարկէ, Շուշին դիտաւորեալ յանձնուած է, որովհետեւ դուք Շուշին պաշտպանելու փոխարէն Հանրապետութեան Հրապարակի կառավարութեան շէնքը պաշարած էիք, որ գրոհէք, ինչի՞ կը սպասէիք, որ Շուշին իյնա՞յ»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Փաշինեանը աւելցուցած է՝ թող նախկին ԳՇ պետը ըսէ՝ ով հրաման տուած է Շուշին յանձնելու. «Այսինքն ես հրաման տուա՞ծ են, ինքն ալ կատարեր է՞»,- ըսած է Փաշինեանը եւ ի պատասխան մարզի բնակիչներէն մէկու դիտարկման, թէ առաջին դաւաճանը կատարողն է, պատասխանած է. «Այո, առաջինը»: