Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Հայկաձոր բնակավայրի չէզոք գօտիին մէջ գտնուող Կարմիր վանքին մէջ կատարուած է նոր խաչի օծման արարողութիւն (Լուսանկար)

2023-01-23
Image

Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեանը մարզային իշխանութեան ներկակացուցիչներու, Անի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արման Սարիբեկեանի հետ 21 յունուարին, ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Հայկաձոր բնակավայրի չէզոք գօտին գտնուող Կարմիր վանքի` Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, նոր խաչի օծման արարողութեան։

Խաչն օծուած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձեռամբ, որմէ յետոյ հայկաձորցիներու ջանքերով այն տեղադրուած է վանքի գմբեթին վրայ։

Խաչէն եկեղեցին զրկուած էր 2015 թուականին՝ ուժեղ քամիի հետեւանքով։ Բազմաթիւ փորձութիւններ տեսած, բայց կանգուն մնացած եկեղեցւոյ գմբեթն ու խաչը վնասուած էին 1990-ականներուն` անկախացման տարիներուն, երբ Թուրքիան արդէն հասցուցած էր փակել Հայաստանի հետ սահմանը։

Ըստ արձանագրութեան, եկեղեցւոյ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոռոմոս վանքի առաջնորդ Սարգիս եպիսկոպոսը: Կառուցած է Սամեհան ճարտարապետը 980-985 թուականներուն։

1