Թուրքիոյ ձախականները ոգեկոչած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

2023-04-25
Image

Պոլսոյ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ ապրիլ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառում տեղի ունեցած է: Civilnet-ի հաղորդմամաբ, գրած են տեղական լրատուամիջոցները։

Յիշատակի միջոցառումը տեղի ունեցած է «Կանաչներ»ու եւ «Ձախ ապագայ» կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ։ Միջոցառման մասնակիցները հանդէս եկած են «Պէտք է վերջ տալ թշնամանքի եւ ատելութեան քաղաքականութեան, ցեղապաշտութիւնը պէտք չէ հանդուրժուի» կարգախօսներով։

Բացի այդ, հայկական Շիշլի գերեզմանատան մէջ յարգած են Սեւակ Պալըքչըի եւ անոր հօր՝ Կարպիս Պալըքչըի յիշատակը․ երկուքն ալ մահացած են ապրիլ 24-ին՝ տարբեր թուականներու: Սեւակ Պալըքչըն զոհուած է 2011-ին Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ժամանակ՝ ծառայակցի փամփուշտէն:

Նախկին Թաւալան, այսօր՝ Քուրթուլուշը, այն շրջանն է, ուր 20-րդ դարասկիզբէն հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնները նախաձեռնուած եւ իրականացուած են առաւել աշխուժ կերպով: Օսմանեան իշխանութիւնները 1915թ․ ապրիլ 23-ի լոյս 24-ի գիշերը Պոլսոյ մէջ շուրջ 250 հայ գրող, լրագրող, արուեստագէտ, գործարար եւ այլ մասնագիտութիւններու տէր անձանց ձերբակալած են: Յաջորդ օրը հայերու նկատմամբ հետապնդումները շարունակուած են: Ապրիլ 24-ին արդէն աքսորուածներու թիւը հասած է շուրջ 2 234-ի:

Տիարպէքիրի փաստաբաններու ընկերակցութիւնը կոչ ըրած է նախաձեռնելու ճշմարտութեան բացայայտման գործընթաց

Զոհերու յիշատակի ոգեկոչման կապակցութեամբ յայտարարութիւն տարածած է Տիարպէքիրի փաստաբաններու ընկերակցութիւնը։ Կազմակերպութիւնը ժողովրդավար, արդար, խաղաղ ապագայի ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար կարեւորած է անցեալին մարդու իրաւունքներու խախտումներու, կոտորածներու եւ տեղի ունեցած հասարակական տագնապներու առերեսման անհրաժեշտութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «1915թ․ ապրիլ 24-ը Թուրքիոյ հասարակական պատմութեան ամենացաւալի աղէտի սկիզբն էր», երբ հայ բնակչութիւնը, յատկապէս մտաւորականները աքսորուեցան Իսթանպուլ քաղաքէն: Կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է նախաձեռնելու ճշմարտութեան բացայայտման գործընթաց: