Թոքիօ-2020. Ըմբիշներ Կարապետ Չալեանն ու Արթուր Ալեքսանեանը անցան կիսաեզրափակիչ

2021-08-02
Image

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, գործող ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը անցած է Թոքիօ-2020-ի կիսաեզրափակիչ՝ քառորդ եզրափակիչին 5-1 հաշուով յաղթելով Ֆինլանտայի ներկայացուցիչ Արվի Մարթին Սավոլայնենին։

Գործող ողիմպիական ախոյեան, 97 քկ քաշային կարգին հանդէս եկող յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը յաղթանակով մեկնարկած է Թոքիոյի ամառային Ողիմպիական խաղերուն։ 1/8 եզրափակիչին ան գօտեմարտած է Ղրղզստանի ներկայացուցիչ 25-ամեայ Ուզուր Ճուզուփոեքովի հետ եւ 4-1 հաշուով յաղթանակ տարած էր:

Թոքիոյի մէջ ընթացող ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի ներկայացուցիչ, 77 քկ քաշային Կարապետ Չալեանը քառորդ եզրափակիչին եւս յաղթանակ տարաւ՝ 2-1 հաշուով յաղթելով Ռուսաստանի ներկայացուցիչին եւ անցաւ կիսաեզրափակիչ։

Կիսաեզրափակիչին գիւմրեցի ըմբիշի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ղրղզստանի ներկայացուցիչ Ակժոլ Մախմուտովը:

Չալեանը պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչէն, ուր 5-0 հաշուով յաղթած էր 2021թ. Ասիոյ ախոյեան, ուզպեք Եալկաշպայ Պերտիմուրաթովին: