Թրքական կործանիչներու Երեւանին մօտենալու մասին լուրերը անհիմն են. Հերքում

2020-08-03
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հերքեն թրքական զինուած ուժերու F-16 կործանիչներու՝ օդային հարուածի հեռաւորութեան վրայ Երեւանին մօտենալու վերաբերեալ ԶԼՄ-ներուն մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնները։

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ շրջանառուող լուրը հերքած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

«Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»,- նշած է Ստեփանեանը։

Avia.pro հարթակը յայտնած էր, թէ առնուազն երկու թրքական ռազմական օդանաւ ուղղութիւն բռնած են դէպի Երեւան եւ գտնուած են Հայաստանի մայրաքաղաքէն 56 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ըստ աղբիւրի, թրքական կործանիչները թռիչք իրականացուցած են Ատրպէյճանի օդային տարածքին մէջ։