Ժամանակաւորապէս կ'արգիլուի մուտքը դէպի Արցախ

2020-03-27
Image

Ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ժամանակաւորապէս կ'արգիլուի բոլոր անձանց մուտքն Արցախի Հանրապետութիւն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեամբ պայմանաւորուած՝ «Քորոնա» ժահրային համավարակի կանխարգելման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան ապահովման նպատակով՝ ՀՀ ճանապարհային ոստիկանութեան եւ տարածքային ստորաբաժանումներու ուժերով Արցախի Հանրապետութիւն տանող ճանապարհներուն (Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհ, Տեղ եւ Սիւնիք գիւղերէն դէպի Արցախ սահմանային հատուած) անյապաղ պիտի նշանակուին կայուն պահակէտեր՝ ժամանակաւորապէս արգիլելով բոլոր անձանց մուտքն Արցախի Հանրապետութիւն:

Բացառութիւն կ'ըլլայ.

- Արցախի Հանրապետութեան մէջ հաշուառում ունեցող անձանց,

- բեռնափոխադրում իրականացնող փոխադրմիջոցներու՝ այդ շարքին բեռնատարներու համար՝ անկախ բեռնուածութենէն, իսկ մարդատար մեքենաներուն՝ պարտադիր բեռնուած ըլլալու պարագային,

-Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող անձանց եւ լրագրողներու համար՝ համապատասխան փաստաթուղթերու առկայութեան պարագային»,- նշուած է Ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ։