Ժամանակն է ընդունելու Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու իմ առաջարկը. Մենենտես

2021-11-18
Image

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես տագնապալի անուանած է Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի արեւելեան սահմանին դէմ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով հայ զինուորներու գերեվարման եւ մահուան մասին հաղորդագրութիւնները։

Մենենտեսի յայտարարութիւնը տարածուած է յանձնաժողովի թուիթըրեան էջոէ։

«Խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Ատրպէյճանի կողմէ հայ զինուորներու գերեվարման եւ հայերու մահուան մասին հաղորդագրութիւնները։ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը կ'oգնէ իրականացնել ցեղային հայերու դէմ այդ ստոր գործողութիւնները։ Ժամանակն է փոփոխութիւն կատարել ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ՝ կրճատելու այդ օգնութիւնը», յայտարարած է Մենենտես։