Ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կոչերու համար անձը կը պատժուի մինչեւ 3 տարիով. նախագիծը ընդունուեցաւ

2023-05-03
Image

Հայաստանի մէջ ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն ուղղուած բռնի գործողութիւնները, ՀՀ ինքնիշխանութիւնը լրիւ կամ մասնակի սահմանափակելուն ուղղուած գործողութիւնները, հրապարակային կոչերը քրէօրէն պիտի պատժուին։ Ազգային ժողովը 3 մայիսին օրինագիծն ընդունեց երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ։

Ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն ուղղուած բռնի, ինչպէս նաեւ սահմանափակող գործողութիւն կատարողները պիտի պատժուըն 10-15 տարիով, իսկ հրապարակային կոչեր հնչեցնելու պարագային` վարչական տուգանքէն մինչեւ 3 տարի ազատազրկմամբ։

Եթէ բռնութիւն պարունակող կամ բռնի գործողութիւններու կոչեր ըլլան հրապարակայնօրէն, լրատուամիջոցներով կամ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրառմամբ, ապա պատիժը կրնայ ըլլալ 2-5 տարի։

Օրինակ`հրապարակայնօրէն հնչեցուած կարծիքը, որ պէտք է հրաժարիլ ինքնիշխանութենէն, քանի որ այդ մեզի պէտք չէ, եւ միանալ X երկրին, քրէոօրէն պատժելի արարք չէ, բայց եթէ կոչ ըլլայ շրջապատել պետական կառոյցներէն մէկը, պատանդ վերցնել քաղծառայողները եւ ստիպել անոնց ինքնիշխանութենէն լրիւ կամ մասնակի հրաժարելուն ուղղուած գործողութիւններ ընել, այդ պիտի դիտուի որպէս քրէական յանցագործութիւն։

Գործող քրէական օրէնսգիրքը քրէական պատասխանատւութիւն կը սահմանէր միայն սահմանադրական կարգը տապալելու եւ բռնութեան դրդելու համար։

ՀՀ կառավարութիւնը համապատասխան նախագիծը հաստատած է 2022 թուականի դեկտեմբեր 29-ին։