Իսրայէլը պէտք է անմիջապէս դադրեցնէ Ատրպէյճանին սպառազինութեան վաճառքը․ Զոհրապ Մնացականեան

Իսրայէլը պէտք է անմիջապէս դադրեցնէ Ատրպէյճանին սպառազինութեան վաճառքը։ Այս մասին իսրայէլական The Jerusalem Post թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան։ Իր խօսքով, Ատրպէյճանին վաճառուած սպառազինութիւնը կ'օգտագործուի Հայաստանի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները թիրախաւորելու համար։
Մնացականեան նշած է, որ չնայած Իսրայէլի ու Հայաստանի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն բարելաւուած են, Իսրայէլը շարունակած է մահացու սպառազինութեան վաճառքը Ատրպէյճանին, ինչ որ մեծ խնդիր է երկու երկիրներուն համար։
«Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը ճակատագրական է, քանի որ Ազրպէյճան երբեք չի յապաղիր այդ զէնքը օգտագործելու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակչութեան դէմ: Մենք հետեւողականօրէն պիտի զբաղինք այս խնդրով, ան միշտ մեր օրակարգի բաղկացուցիչ մասը պիտի ըլլայ ` ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ հարթակներու վրայ: Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Ատրպէյճանի հետ այս մահաբեր գործը»,- ըսած է Մնացականեան:
Անդրադառնալով յուլիսեան լարուածութեան օրերուն հայկական զինուժի կողմէ իսրայէլական անօդաչու սարքերու խոցման՝ Մնացականեան ըսած է, որ Հայաստան Ատրպէյճանի դէմ գործած է անկախ զէնքի ծագման երկրէն։ «Մեր զինուժը չէզոքացուցած է Ատրպէյճանական զէնքերն անկախ անոնց ծագման վայրէն», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։