Խորհրդարանը չընտրեց Փաշինեանը. Վարչապետի ընտրութեան հարցը ԱԺ-ն կրկին պիտի քննարկէ 10 Մայիսին

2021-05-03
Image

ԱԺ-ի մէջ քուէարկութեան դրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրելու մասին հարցը:

Կողմ՝ 1, դէմ՝ 3. ձեռնպահ՝ 75 ձայներով որոշումը չընդունուեցաւ: Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնն առաջադրած էր խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, որու ղեկավար Լիլիթ Մակունցը յայտարարած է, որ իրենք պիտի քուէարկեն «ձեռնպահ»:

ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտարարութիւն տարածած է վարչապետ ընտրութեան հարցի վերաբերեալ: 

««Ազգային ժողովի կանոնակարգ»  սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ եւ 6-րդ մասերու համաձայն` վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 10 մայիսին` ժամը 12.00-ին իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: 

ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն, եթէ խորհրդարանին մէջ երկու անգամ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կը լուծարուի: «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը կ'առաջադրէ՝ առաջնորդուելով տուեալ ընթացակարգով: