Խրամորթի մէջ հակառակորդը հերթական անգամ խախտած է հրադադարը

Մարտ 8-ին ժամը 23:00֊ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի հատուածին մէջ հակառակորդը հերթական անգամ խախտած է հրադադարը 60 մմ տրամաչափի ականանետէ 3 հատ ական արձակելով գիւղի ուղղութեամբ:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ հայկական կողմէ տուժածներ չկան:
Հրադադարի խախտման դէպքին մասին հաղորդուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: