Ծառայակիցը սպանելու կասկածանքով ձերբակալուած է զինծառայող

2022-01-04
Image

31 Դեկտեմբեր 2021-ին, ժամը 10։50-ի սահմաններուն, Վայոց Ձորի մարզին մէջ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի մարտական յենակէտերէն մեկուն մէջ յայտնաբերուած է նոյն զօրամասի ժամկէտային զինուոր, շարքային Մովսէս Արամայիսի Թադեւոսեանը (ծնունդ 2003)՝ գուլխէն հրազէնային վիրաւորումով։

Հիւանդանոց տեղափոխելու ճանապարհին շարքային Թադեւոսեան մահացած է։

Դէպքի առնչութեամբ իրականացուած գործնական գործողութիւններու արդիւնքով, նշուած յանցագործութիւնը կատարելու կասկածանքով, ձերբակալուած է զոհուած զինծուորին ծառայակիցը։ Քննութիւն կ'ընթանայ՝ դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով։