Ծխախոտային արտադրատեսակներու ցուցադրումը տուգանք կ'առաջացնէ. Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմին

Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը յայտարարութիւն տարածած է, յայտնելով, որ 2022 թուականի 1 Յունուարէն ուժի մէջ մտած է «Ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցվող վնասի նուազեցման եւ կանխարգիլման մասին» օրէնքը:
Օրէնքին համաձայն՝ կ'արգիլուի ծխախոտային արտադրատեսակներու կամ անոնց պատկանելիքներու կամ ծխախոտային արտադրատեսակներու փոխարինիչներու ցուցադրումը վաճառասրահներու եւ հանրային սնունդի կէտերուն մէջ:
Օրէնքի պահանջները չկատարելը կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ 200 - 250 հազար դրամի չափով:
Նոյն խախտումը կրկին կատարելը վարչական տուժի միջոցներ կիրառելէ յետոյ՝ վեց ամսուայ ընթացքին, կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ կիրառուած վարչական տուժի կրկնապատիկի չափով: