Կայացաւ Այվազեան-Լաւրով հանդիպումը Մոսկուայի մէջ. Օրակարգի վրայ էր գերիներու հարցը

2021-02-18
Image

17 Փետրուարին աշխատանքային այցով Ռուսաստան գտնուող ՀՀ ԱԳ նախարար Արա Այվազեան հանդիպած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ ԱԳՆ-էն, զրուցակիցներն ընդգծած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան բարձր մակարդակը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ՝ միջազգային կազմակերպութիւններու, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ համարկման ձեւաչափերու շրջածիրէն ներս: Կարեւորուած է երկու երկիրներու քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ ոլորտային խորհրդակցութիւններու անցկացումը, տարբեր մակարդակներու վրայ աշխոյժ երկխօսութեան պահպանումը։

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանգամանալից անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու: Միտքեր փոխանակուած են 9 նոյեմբերի եւ անկէ բխող 11 յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու կեանքի կոչման շուրջ: Այդ կապակցութեամբ հրատապ հասցէագրում պահանջող մարդասիրական խնդիրներու ծիրէն ներս նախարար Այվազեան շեշտած է ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ պահուող անձանց հայրենադարձման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ խնդրի արհեստական ձգձգումն Ատրպէյճանի կողմէ լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ եռակողմ յայտարարութիւններու կենսագործման ճանապարհին։

Նախարար Այվազեան բարձր գնահատած է Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ ռուսական կողմի ջանքերը:

Հանդիպման օրակարգի վրայ էին նաեւ ԼՂ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսմանն առնչուող հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է կարգաւորման առանցքային հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս: