Կարմիր խաչը ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած դեղորայքը տեղափոխած է Արցախ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի բեռնատարը Հայաստանէն դեղորայք եւ այլ պարագաներ տեղափոխած է Արցախի բուժհաստատութիւններու համար։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։
«Բեռը չի պատկանում Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին։ Մենք միայն ապահովել ենք անվտանգ փոխադրումը»,–ըսած է ան։
Բեռը տրամադրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը։