Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ եւս երեք հիւանդ Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան

2022-12-30
Image

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կենտրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) երեք հիւանդներ՝ «Սրտի փականային հիւանդութիւն, միտրալ եւ աորտալ փականների արտայայտուած անբաւարարութիւն», «Սրտի ռիթմի խանգարում, նախասրտերի ֆիբրիլյացիա՝ պարոքսիզմալ ձեւ» եւ «Ձախ կրծքագեղձի ինվազիվ ոչ իւրայատուկ կարցինոմա, էնդոմետրիոզ, արգանդի պարանոցի քաղցկեղ» ախտորոշումներով, օրեր շարունակ կը գտնուէին մեր բժիշկներու հսկողութեան տակ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ երեք հիւանդներն այսօր փոխադրուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ։