ԿԸՅ-ն հրապարակած է ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն եւ կուսակցութիւններու դաշինքներուն անունները

2022 թուականի Սեպտեմբեր 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան 18 համայնքներու մէջ նշանակուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան`
– Արագածոտնի մարզի Ալագեազ, Ծաղկահովիտ, Թալին համայնքներուն մէջ
– Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ համայնքին մէջ
– Լոռիի մարզի Գիւլագարակ, Ալաւերտի, Լոռի Բերդ, Տաշիր համայնքներուն մէջ
– Կոտայքի մարզի Չարենցաւան, Ակունք, Բիւրեղաւան, Ջրվէժ համայնքներուն մէջ
– Շիրակի մարզի Անի համայնքին մէջ
– Սիւնիքի մարզի Սիսիան, Քաջարան համայնքներուն մէջ
– Վայոց Ձորի մարզի Արենի, Եղէգիս համայնքներուն մէջ
– Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքին մէջ
Արագածոտնի մարզի Ալագեազ համայնքին մէջ համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի անդամներու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան մեծամասնական ընտրակարգով, իսկ միւս համայնքներուն մէջ աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ընտրակարգով:
Ինչպէս կը յայտնէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առաջադրման փաստաթուղթեր ներկայացուցած են 25 կուսակցութիւններ, կուսակցութիւններու դաշինքներ:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը առաջադրման փաստաթուղթեր ներկայացուցած է ՏԻՄ ընտրութիւններու կայացման բոլոր` 18 համայնքներուն մէջ:
«Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը իր թեկնածուն առաջադրած է 5 համայնքներու մէջ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի 4 համայնքի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն:
«Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ «Միասնական Համայնք» դաշինքը իրենց մասնակցութիւնը պիտի ապահովեն երկու համայնքներու մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն:
«Լուսաւոր Հայաստան», «Հզօր Համայնք», «Նժդեհեան Ցեղակրոն», «Կայունութիւն», «Դեմոկրատական Այլընտրանք», «Յանուն Ժողովուրդի», «Հայ Ազգային Գոնկրէս», «Համախմբում», «Միասնութիւն», «Ազգ-Համայնք», «Հայկական Երազանք», «Աշխատանք եւ Արդարութիւն», «Զարգացող Համայնք», «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան Պաշտպաններու Դաշինք», «Մէկ Հայաստան», «Դէպի Միասնութիւն», «Վերելք», «Ազատական», «Արժանապատիւ Սերունդ», «Զօրաւոր Համայնք» կուսակցութիւնները եւ կուսակցութիւններու դաշինքները առաջադրուած են մէկական համայնքներու մէջ: