Կը կարծենք՝ այս երկու երկրի միջեւ հնարաւոր է խաղաղութիւն. Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման մասին

2023-05-03
Image

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը ճեպազրոյցին անդրադարձած է ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ երէկ կայացած հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն:

«ԱՄՆ-ն ուրախ է հիւրընկալելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովը այս շաբաթ բանակցութիւնները կայացնելու նպատակով, քանի որ անոնք միասին կ'աշխատին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ ապագային հասնելու համար:

Պետական քարտուղարը կը կարծէ, որ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, եւ ատոր մէջ է, որ ան խորապէս ներգրաւուած է, եւ որուն մէջ խորապէս ներգրաւուած է նաեւ աւագ համակարգող Պոնոն: Եւ այդ է (կայուն խաղաղութեան հասնիլ - խմգ.), որուն մենք պիտի շարունակենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել:

Եւ մենք կը կարծենք, որ այս երկու երկիրներու միջեւ հնարաւոր է խաղաղութիւն, եւ մենք ուրախ ենք անոնց ողջունելու», - ըսած է Փաթել:

Անդրադառնալով Արտաքին գործոց  նախարարներու բանակցութիւններու հաւանական յաջող արդիւնքի վերաբերեալ Պետական քարտուղարութեան տեսլականին՝ Փաթել նշած է. «Վերջիվերջոյ, այս երկու երկիրներու որոշելիքն է, թէ այդ ինչ կը նշանակէ: Ի վերջոյ, մենք կը հաւատանք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հնարաւոր է խաղաղութիւն: Եւ այդ է որ մենք կը փնտռենք՝ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն այս երկու երկիրներու միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ»։

Ան հրաժարած է, որեւէ այլ մանրամասնութիւն ներկայացնելէ՝ բոլորին խորհուրդ տալով սպասել բանակցութիւններու արդիւնքները: