Հակառակորդի կրակոցէն Երասխի մէջ զինծառայող վիրաւորուած է

19 Յունուարին՝ ժամը 10:50-ի սահմաններուն, Երասխի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքուն մէջ հակառակորդի կրակոցէն հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Ե.Շ.-ն:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր: Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը տարուի քննութիւն: