Հակարի կամուրջի վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղադրումը նոր լայնածաւալ գործողութեան սկիզբ կրնայ ըլլալ. Ֆրանսայի Սենատի ղեկավար

2023-04-25
Image

Ապրիլ 22-էն 25-ը Հայաստան է Ֆրանսայի Սենատի ղեկավար Պրիւնօ Ռեթայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը`մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն: Պատուիրակութեան անդամները մեկնած են Տեղ գիւղ, ուր 11 ապրիլին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է: Գրած է 1lurer.am-ը:

«Մենք ժամանած ենք`Ատրպէյճանէն պահանջելու անյապաղ վերացնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, ազատելու 120 000 հայերը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտնուած են սարսափելի պայմաններու մէջ, նաեւ այստեղ ենք` պահանջելու վերականգնել Հայաստանի հետ ԼՂ կապը:

Ինչ իմաստ ունի 1915 թ. զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը, եթէ մենք աչք պիտի փակենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող էթնիք ու կրօնական զտման վրայ»,- յայտարարած է Ռեթայոն` Տեղի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Ան նշած է`վտանգ կայ, որ ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ դէպի ԼՂ տանող նոր ճանապարհի մուտքի մօտ` ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ գտնուող Հակարի կամուրջի վրայ, նոր վերահսկիչ անցակէտի տեղադրումը նոր լայնածաւալ գործողութեան սկիզբ ըլլայ, որ կը յանգեցնէ Լաչինի միջանցքի մշտական փակման: