Համածառայակիցի արձակած կրակոցէն 20-ամեայ զինծառայողը մահացած է. ՊՆ

Ապրիլ 28-ին` ժամը 19:20-ի սահմաններուն, նախնական տուեալներով` համածառայակիցի կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Սամուէլ Սեդրակի Սանոյեանը (ծն. 2002թ.):
Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ հիւանդանոց տեղափոխելու ճանապարհին շարքային Սանոյեանը մահացած է:
Կը կատարուի քննութիւն` դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար: