Հայաստանէն Ղազախստան մեկնած 100 խաղաղապահներն այսօր կը վերադառնան հայրենիք

2022-01-14
Image

ՀԱՊԿ հայ խաղաղապահները Ղազախստանէն մեկնած են հայրենիք, կը յայտնէ Ռուսաստնաի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժերէն Հայաստանի Հանրապետութեան ստորաբաժանումներու անձնակազմը, որոնք կը կատարէին Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ նշանակալի կառոյցներու պաշտպանութեան խնդիրները, աւարտելով բեռնումը ՌԴ օդատիեզերական ուժերու ռազմական ինքնաթիռներ Ալմա Աթայի օդակայանին մէջ, կը վերադառնան տուն», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի խաղաղապահ ստորաբաժանման կազմին մէջ 100 հայ զինծառայող ներառուած էր: