Հայաստանը դիմած է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու առնչութեամբ

2022-03-14
Image

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ փոխանցուած առաջարկներուն:

Այս մասին ըսուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ այս կապակցութեամբ ՄԱԿ կանոնադրութեան, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքեան Եզրափակիչ ակտի հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար դիմած է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան։