Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ձեռք բերած են շարք մը յստակ ծրագիրներու իրագործման համաձայնութիւններ

2021-10-14
Image

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը կ’ընդլայնեն համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: Երկու երկիրներուն Արտաքին գործոց նախարարները շարք մը ոլորտներու մէջ ձեռք բերած են շօշափելի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման յստակ համաձայնութիւններ:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Երեւանի մէջ Հնդկաստանի ԱԳ նախարարին հետ հանդիպումէն ետք կատարուած համատեղ ասուլիսին ընթացքին: 

Ըստ նախարարին՝ Հնդկաստանի իր գործընկերոջ այցելութիւնը կը վկայէ երկու բարեկամ պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ օրէ օր ընդլայնուող եւ խորացող յարաբերութիւններուն մասին: Այս այցելութիւնը պիտի խթանէ հայ-հնդկական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ:

«Հնդկաստանը Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկն է, համագործակցութեան յետագայ ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն շարքին է: Այս մէկը կարելի է տեսնել կառավարութեան ծրագրին մէջ»,- նշեց Միրզոյեանը:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն գծով՝ վերահաստատելով հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր համաձայնութիւնները արագօրէն կեանքի կոչելու համար: Այս տարի կը լրանայ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը: ՀՀ ԱԳ նախարարը կարեւորեց պաշտպանական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն քայլեր ձեռնարկելը՝ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասցնելու համար:

«Միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս մեր համագործակցութիւնը եւս պիտի շարունակէ խորանալ եւ փոխադարձ աջակցութիւնը՝ ամրապնդուիլ»,- ըսաւ Միրզոյեանը ու շնորհաւորեց Հնդկաստանը՝ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ անցնող արդիւնաւէտ նախագահութեան առթիւ:

Հայաստանը կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, աջակցութիւնը Հնդկաստանին՝ Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամութիւն ստանալու հարցին շուրջ:

Անդրադառնալով երկկողմ օրակարգին՝ Միրզոյեանը նշեց, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ առեւտուրի, կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, գիտութեան, պաշտպանութեան եւ միջմարդկային փոխանակումներու ոլորտներուն մէջ: «Երկկողմ համագործակցութեան առումով մեր սպասելիքները, իրականութեան մէջ, շատ աւելի են: Այս այցելութեան եւ հանդիպումներուն ընթացքին մենք ձեռք բերինք յստակ համաձայնութիւններ՝ շարք մը ոլորտներու մէջ շատ աւելի շօշափելի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման առումով»,- ըսաւ Միրզոյեանը:

Հայկական կողմէն հնչեց առաջարկ մը՝ կազմակերպել երկկողմ քաղաքական խորհրդակցութիւններ, միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական համատեղ նիստը: