Հայաստանը եւ Ռուսիան ամփոփած են զինուած ուժերու միջեւ կայացած շտապային բանակցութիւններու արդիւնքները

17 Յուլիսին ամփոփուած են ՀՀ եւ ՌԴ զինուած ուժերու շտապային բանակցութիւնները։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
5-օրեայ այցով Հայաստան գտնուող ՌԴ Զինուած ուժերու Գերագոյն շտապի պետի տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Սերկէյ Իսթրակովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է բանակցութիւններիւ արդիւնքները եւ մատնանշած հետագայ ընելիքները։
ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Արտակ Դաւթեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ՌԴ ԶՈւ պատուիրակութեան սերտ համագործակցութեան համար։ Քննարկուած են հայ-ռուսական երկկողմ ռազմական համագործակցութեան հետագայ ուղղութիւնները, ստորագրուած է փոխգործակցութեան յուշագիր։