Հայաստանը ստանձնեց ՀԱՊԿ նախագահութիւնը

Հայաստանը ստանձնած է 2022 թուականի նախագահութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։ Տաճիկստանէն նախագահութիւնը պաշտօնապէս Հայաստանին փոխանցուած է 2021-ի Սեպտեմբերին՝ կազմակերպութեան վերջին նստաշրջանին:
Հայաստանը արդէն ձեւակերպած է կազմակերպութեան նախագահութեան առաջնահերթութիւնները՝ հաշուի առնելով վերջին տարիներու մարտահրաւէրները: Անոնք կը ներառեն ՀԱՊԿ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման հարցերը։ Կառոյցի միւս աւանդական առաջնահերթութիւնները, այդ շարքին՝ ահաբեկչութեան, ծայրաբեղականութեան, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան, ապօրինի գաղթի դէմ պայքարը կը պահպանուին:
ՀԱՊԿ-ի նոր գերակայութիւններու շարքին է դիմակայութիւնը կենսաբանական սպառնալիքներուն։ ՀԱՊԿ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէին կից պիտի ստեղծուի կենսաբանական անվտանգութեան հարցերով լիազօրուած մարմիններու համակարգող խորհուրդ։
2022-ի աւարտին ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի անցնի Պելառուսիոյ: