Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուեցաւ միջուկային ուժանիւթի յուշագիր

2022-05-04
Image

 Պաշտօնական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ ամերիկացի իր պաշտօնակիցին՝ Էնթընի Պլինքընի հետ, ինչպէս նաեւ՝ նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի։

Միրզոյեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթով եւ գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակին համար:

Ընդգծուեցաւ, որ նախորդ տարիներուն, կողմերը ամուր գործընկերութիւն հաստատած են՝ հիմնուած ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ընդհանուր արժէքներու վրայ:

Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրած աջակցութիւնը՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կայուն զարգացման եւ փտածութեան դէմ պայքարի նպատակով:  

Պլինքըն իր կարգին բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումները եւ շեշտեց ամերիկեան կողմի շարունակական աջակցութիւնը այդ գործընթացին:

Երկուստեք ընդգծուեցաւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ միացեալ աշխատանքներու վերսկսման կարեւորութիւնը։

Քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրատնտեսական կապերու խորացումը եւ ընդգծեց, որ նկատելի կարելիութիւններ կան նաեւ բարձր եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ուժանիւթի, դրամատնային, քաղաքացիական օդային, կանաչ տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան ընդլայնման:

Միրզոյեան բարձր գնահատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու սկզբունքային դիրքորոշումը` կարեւոր նկատելով այս տարի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Ցեղասպանութեան տարելիցի վերաբերող յայտարարութիւնը, որ կը վերահաստատէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդասիրութեան սկզբունքներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն յանձնառութիւնը:

Հայկական կողմը ներկայացուց հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանայի խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներուն վերաբերեալ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ:

Միրզոյեան ընդգծեց Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերող Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերուն կարեւորութիւնը` իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւն: Ան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին ուշադրութեան յանձնեց Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը, կարեւոր նկատեց հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը, ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի կազմութեան վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:

Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուց նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի զարգացումները:

Պլինքըն նշեց, որ Միացեալ Նահանգները ամբողջապէս կ՛աջակցի Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի ներդրած կառուցողական ջանքերը այդ գործընթացին մէջ:

Հանդիպման աւարտին Միրզոյեան եւ Պլինքըն ստորագրեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Քաղաքացիական միջուկային ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ» փոխըմբռնման յուշագիրը, որ  թոյլ պիտի տայ ամրապնդել միջուկային ուժանիւթի խաղաղ եւ ապահով օգտագործման բնագաւառին մէջ կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը, ընդլայնել միջուկային ուժանիւթի հայ մասնագէտներու` ոլորտի վերջին արհեստագիտութեան նորամուծութիւններուն ծանօթանալու հնարաւորութիւնները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու զարգացման բարձր շարժիչ ուժին եւ նշուեցաւ, որ 2019էն ի վեր համագործակցութիւնը բարձրացած է նոր` ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել ամրապնդելու տարբեր ոլորտներու մէջ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը` հիմնուած ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, օրէնքի գերակայութեան, փտածութեան դէմ պայքարի ընդհանուր արժեհամակարգի վրայ:

Միրզոյեան եւ Նուլընտ միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Սոչիի եւ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրին շուրջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելու գործընթացին: Այս պարունակին մէջ Միրզոյեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան աշխատանքներու վերսկսման կարեւորութեան:

Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող վերջին զարգացումները: