Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ՄԻՊ–երը քննարկած են հայերու նկատմամբ ատրպէյճանցիներու վայրագութիւններու խնդիրը

2021-12-07
Image

Փարիզի մէջ, ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը հանդիպած է գործընկերոջ՝ Ֆրանսայի իրաւունքներու պաշտպան Քլեր Հենոնի հետ։

Արման Թաթոյեանը մասնաւորապէս նշած է Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայկական կողմի գերիներուն անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին, տեղեկացուցած է, որ անոնք կը պահուին քաղաքական նկատառումներով՝ խախտելով միջազգային իրաւունքի կանոնները։  

Առանձին անդրադարձ կատարած է նաեւ ատրպէյճանական զինուորներու կողմէ հայ զինուորներու եւ քաղաքայիններու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն, այդ շարքին՝ խոշտանգումներու, վայրագութիւններու համար պատասխանատուութեան հարցին։ 

Շեշտած է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները հայատեացութեան քաղաքականութիւն կը տարածէ եւ աշխուժ կը պահէ հայերու դէմ թշնամանքը ամբողջ աշխարհի մէջ, լարուածութեան մէջ կը պահէ երկու ժողովուրդները, կը վտանգէ այլ երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու համակարգը ու կը պահէ մթնոլորտը լարուածութեան մէջ։ Այդ քաղաքականութեան արդիւնք են այն խոշտանգումներն ու վայրագութիւնները, որոնք իրականացուած են պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ։