Հայաստանի Զինուած ուժերու 12 զինծառայող՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են. ՊՆ

2021-11-16
Image

Ժամը 17։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին, ուր այսօր յարձակում նախաձեռնած էր Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները, կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ լարուած:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով, որ մարտերու թէժութիւնը չի թուլանար։

«Հակառակորդը շարունակում է կիրառել հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւնների արդիւնքում հակառակորդն ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, զրահամեքենայի շուրջ մէկ տասնեակ միաւոր ոչնչացուել կամ շարքից դուրս է բերուել»,- գրուած է ՀՀ ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ հայկական կողմը նոյնպէս կորուստներ ունի։ Տուեալները կը ճշդուի։ ՀՀ ԶՈՒ 12 զինծառայող՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ պարբերաբար հանդէս գալ իրադրութեան վերաբերեալ հաղորդագրութիւններով։