Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը

2022-03-30
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը` այն գնահատելով խիստ լարուած:

Իրադրութեան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանական Հանրապետութիւնը, փորձելով գտնել մտացածին հիմնաւորումներ, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներ եւ յարձակում սկսելու համար, այդ շարքին` Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեղադրելով խաղաղութեան պայմանագրի հարցով ապակառուցողական գործողութիւններու մէջ:

Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած իրավիճակին մէջ հարկ կը համարէ եւս մէկ անգամ վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի վաղ հնչեցուցած դիրքորոշումը եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան կ'առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններ սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ:

Անվտանգութեան Խորհուրդը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ռազմական բախումներու հնարաւորութեան վրայ, անհրաժեշտ կը համարէ միջազգային զսպման մեխանիզմներու գործարկումը` տարածաշրջանին մէջ նոր ռազմական մագլցում եւ ցեղային զտում թոյլ չտալու համար: