Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացին 8 գիւղ պէտք է «վերադարձուի» Ատրպէյճանին. Պայրամով

Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացին 8 գիւղ պէտք է «վերադարձուի» Ատրպէյճանին. այս գիւղերուն մէջ ատրպէյճանցիներ ապրած են, եւ այս գիւղերը պէտք է «վերադարձուին»։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած Ատրպէյճանի արտաքոն գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, տարուան ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ:
Անոր խօսքով՝ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները Հայաստանի հետ քննարկումներու կարեւոր ուղղութիւնն են։
«Սահմանազատման գործընթացը, որքան ալ այն բարդ ըլլայ, պէտք է իրականանայ բանակցութիւններու միջոցով՝ բոլոր փաստաթուղթերու իրաւաբանական ուսումնասիրութեան զուգահեռ։
Պէտք է քայլ առ քայլ առաջ երթալ։ Այս ծիրէն ներս է 8 գիւղերու հարցը, որոնց մէջ «հարիւրամյակներ շարունակ» ատրպէյճանցիներ ապրած են։ Այդ պատճառով այդ գիւղերը պետք է «վերադարձուին» Ատրպէյճանին»,- ըսած է Պայրամով՝ ասուլիսի ժամանակ։
Ան նաեւ հերթական անգամ Հայաստանը մեղադրած է սահմանին «սադրանքներու» մէջ՝ ըսելով, որ անոնք «կը դանդաղեցնեն սահմանազատման գործընթացը»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ խաղաղութեան պայմանագրի ընթացքին։
«Գաղտնիք չէ, որ ռուսական կողմն առաջարկած է Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած հարցը թողել հետագայ տարիներուն։
Մենք պէտք է հիմնուինք մեր օրակարգի, մեր առաջարկներու վրայ։ Մենք առաջին օրէն յայտարարած ենք, որ այդ առաջարկն անընդունելի է։ Մենք կը բանակցինք հիմնարար սկզբունքներու շուրջ։ Ատրպէյճանը քայլեր կ'ընէ միայն իր ազգային շահերու ծիրէն ներս»,-յայտարարած է Պայրամով։