Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը հասաւ 482-ի

2020-03-30
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը հասաւ 482 -ի։ Այս  մասին այսօր գրառում մը կատարեց ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝  Ալինա Նիկողոսեանը:

Ան ֆեյսպուքեան իր էջին ներկայացուցած է «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու վերաբերեալ թարմ տուեալներ:

«Թարմացում, 30.03.2020, 11:00-ի դրութեամբ.

29 Մարտի դրութեամբ ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան հաստատուած 58 նոր դէպք: Նշենք, որ անոնցմէ 25-ը գտնուած է քարանթինի մէջ, 31-ը հաստատուած դէպքերու հետ հաղորդակցածներ են: Մնացած 2 դէպքի շփման շրջանակը կը պարզուի»,- նշած է ան: