Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 26 065-ի

2020-07-01
Image

Հայաստանի մէջ,  1 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 26 065 դէպք, որոնցմէ 14 563` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 900 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 111 665 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 523  նոր դէպք եւ  515 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 10 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 453):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 65, 74, 83, 76, 66, 76  տարեկան տղամարդիկ եւ 62, 79, 70, 65 տարեկան կանայք: Բացի վերջինէն, մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 149 է: