Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 38 196-ի

2020-07-30
Image

Հայաստանի մէջ, 30 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 38 196 դէպք, որոնցմէ 28 366-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8 877 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 161 754 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 259 նոր դէպք եւ  542 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 728):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են   75 (տղամարդ), 83 (տղամարդ), 90 (կին), 83 (տղամարդ) եւ 55 (կին) տարեկան:Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։