Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի

2020-08-07
Image

Հայաստանի մէջ, 7 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  985 դէպք, որոնցմէ 32 008-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 972 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 172 994 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 166 նոր դէպք եւ  452 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 777):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 58 տարեկան տղամարդ եւ 46, 78, 73, 89 տարեկան կանայք։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։