Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 102-ի

2020-08-03
Image

Հայաստանի մէջ, 3 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  102 դէպք, որոնցմէ 29 861-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8 251 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 167 095 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 52 նոր դէպք եւ  111 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 762):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72, 68, 71, 90, 57 տարեկան տղամարդիկ և 75, 72, 58 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Այլ պատճառներով մահուան ելքերու թիւը 228 է: