Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի

2020-08-06
Image

Հայաստանի մէջ, 6 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  819 դէպք, որոնցմէ 31 556-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 263 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 171 600 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 233 նոր դէպք եւ  706 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 772):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 62 տարեկան տղամարդ եւ 82 տարեկան կին։ ։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։