Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 46 376-ի

16 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 46 376 պարագայ, որոնցմէ 42 069-ը` առողջացած, 923-ը` մահացած:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3 101 հիւանդ:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 247 839 հետազօտութիւն:
Այսպիսով` երէկ կատարուած է 4135 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 257 նոր պարագայ: Կան 128 առողջացած: