Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 46 910-ի

2020-09-18
Image

18 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 46 910 պարագայ, որոնցմէ 42 369-ը` առողջացած, 926-ը` մահացած:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3 330 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 255 927 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 3769 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 239 նոր պարագայ: Կան 138 առողջացած: