Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 50 359-ի
30 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 50 359 պարագայ, որոնցմէ 44 001-ը` առողջացած, 959-ը` մահացած:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 102 հիւանդ:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 292 193 հետազօտութիւն:
Այսպիսով` երէկ կատարուած է 3146 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 485 նոր պարագայ: Կան 152 առողջացած: