Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10009-ի

2020-06-02
Image

Հայաստանի մէջ, 2 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 10009 դէպք, որոնցմէ 3427 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6368 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 59 917 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 517 նոր դէպք եւ 25 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 19 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 158):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  80, 53, 64, 80, 82, 75, 58, 69, 57, 79, 63, 69, 75 տարեկան տղամարդիկ եւ 81, 50, 74, 86, 60, 61 տարեկան կանայք։ Բացի վերջինէն մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 56 է: