Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 329-ի

2020-03-27
Image

ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնէն կը յայտնեն, որ 27 մարտի ժամը 10։00-ի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 329 դէպք։ Երեկուայ տուեալներու համեմատ՝ վարակակիրներու թիւն աւելցած է 39-ով։

Առողջացած է 18 մարդ։ Ներկայիս փաստացի կը բուժուի 311 մարդ։

Գրանցուած է մահուան 1 դէպք։ Իրականացուած 1625 հետազօտութեան պատասխանը եղած է բացասական։