Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով

Այս տարուայ առաջին եռամսեակին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն` հրապարակելով շտապ հաւաքագրուած տուեալները: Այս տարուայ Մարտին, նախորդ տարուայ Մարտին համեմատ, աճը կազմած է 6,7 տոկոս:
Յունուար-Մարտին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 3,1 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը` 6,2 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 7,6 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 22․2 տոկոսով: Սպառողական գնաճը կազմած է 7,8 տոկոս: Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած է 5,4 տոկոս անկում:
Առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 38,5 տոկոսով, այդ շարքին` արտահանումը՝ 26,9, իսկ ներմուծումը` 45,6 տոկոսով: