Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 11 ամսուան մէջ աճած է 14,4 տոկոսով

2022-12-27
Image

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2022 թուականի Յունուար-Նոյեմբերին 14,4 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կը վկայեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին նախորդ տարուան Յունուար-Նոյեմբերի համեմատ աւելցած է 8,4 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը այս տարի 11 ամսուան մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակի համեմատ աւելցած է 13.9 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ Յունուար-Նոյեմբերին 2021-ի նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ  յաւելումը կազմած է 16.2 տոկոս:

2022 թուականի 11 ամսուան մէջ մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 28,2 տոկոսով:

Իսկ այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին սպառողական գիներու ցուցակը 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 8,7 տոկոսով: Արդիւնաբերական արտադրանքի գիներու ցուցակը Յունուար-Նոյեմբերին 2021-ի 11 ամսուան համեմատ աճած է 2,9 տոկոսով:

Իսկ ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը Յունուար-Նոյեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 16,8 տոկոսով:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ 2022-ի Յունուար-Նոյեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ արձանագրուած է 67,8 տոկոս աճ, ընդ որում արտահանումը աճած է 75,2 տոկոսով, իսկ ներմուծումը` 63,6 տոկոսով:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն կազմած է 439.40 դրամ: