Հայաստանի օրակարգին մէջ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալու հարց չկայ. ԱԳՆ

2022-02-24
Image

Հայաստանի օրակարգին մէջ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները ճանչնալու հարց չկայ, ըսաց ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան:

Իսկ այն հարցին, թէ ինչպիսի՞ դիրքորոշում ունի Հայաստանը ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ:

«Մենք, բնականաբար, ցանկանում ենք, որ երկու բարեկամ պետութիւնների միջեւ առկայ խնդիրները լուծուեն դիւանագիտական երկխօսութեան եւ բանակցութիւնների միջոցներով` միջազգային իրաւունքի նորմերի ու սկզբունքների, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ: Եւ յուսով ենք, որ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկուեն` լարուածութեան նուազեցման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման համար»:

Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք հաւանակա՞ն է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ: Յունանեան պատասխանեց, թէ նման հարց օրակարգին մէջ չկայ: