Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ ՌԴ խաղաղապահները դուրս հանեն Ատրպէյճանի ուժերը Արցախէն. Փաշինեան՝ Փութինին

Տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:
Վարչապետ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը եւ ցաւով արձանագրած, որ իրադրութիւնը ոչ միայն չէ կարգաւորուած, այլեւ որոշ տուեալներու համաձայն` Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հնարաւոր են ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու նոր սադրանքներ:
Վարչապետ Փաշինեան մանրամասներ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերու բնակիչներուն` բարձրախօսներով կատարուող յայտարարութիւններով ահաբեկելու, հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու Ատրպէյճանի գործելակերպի վերաբերեալ:
Նիկոլ Փաշինեան կրկին ընդգծած է, որ խաղաղապահներու ներկայութեամբ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու այս գործողութիւնները եւ ներխուժումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի հարցեր կը յառաջացնէ եւ Ռուսաստանի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է այդ իրավիճակին հետաքննութիւն կատարելու հարցին դրական վերաբերմունք ցուցաբերելու համար:
Վարչապետը Ռուսաստանի նախագահին ներկայացուցած է հայկական կողմին ակնկալիքը, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը միջոցներու ձեռնարկէ ատրպէյճանական ներխուժած ստորաբաժանումները Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս բերելու համար:
Երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած են միջոցներու ձեռնարկել ստեղծուած իրադրութիւնը շուտափոյթ կարգաւորելու համար: Անոնք երկուստեք կարեւորած են 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի` Ռուսաստանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի եռակողմ յայտարարութիւններու լիարժէք իրականացումը: