Հայաստան. Կենսաթոշակներու վճարման գործընթացը պիտի սկսի 2 ապրիլէն

2020-03-30
Image

2020 թուականի ապրիլ ամսուան կենսաթոշակներու վճարման գործընթացը պիտի սկսի 2 ապրիլէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը,  հանրապետութեան մէջ ապրիլ ամսուան կենսաթոշակներու (նպաստներու) կանխիկ վճարումը պիտի իրականացուի բացառապէս շահառուներու հաշուառման հասցէներէն ներս:

Բոլոր այն պարագաներուն, երբ կենսաթոշակի (նպաստի) կանխիկ վճարումը հնարաւոր չըլլար իրականացնել՝ շահառուի՝ հաշուառման հասցէով չբնակելու պատճառով, վճարումը պիտի կազմակերպուի քաղաքացիի հաշուառման հասցէի փոստային բաժանմունքներուն՝ 10 ապրիլէն սկսած՝ պահպանելով համաճարակի պայմաններուն մէջ անվտանգութեան բոլոր կանոնները: