Հայաստան հասած է ռուսական «Սփութնիք» պատուաստի առաջին խմբաքանակը 

2021-04-08
Image

Հայաստան բերուած է ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը։ 15 հազար չափաբաժին պատուաստանիւթով բեռնուած օդանաւը վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայան։

«Սա պիտի ուղղուի ռիսքի խումբին մէջ գտնուող մարդոց պատուաստման», – ըսած է Երեւանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութեան խորհրդական Պաւել Քուրոչքինը՝ նշելով, որ սա համաճարակի դէմ պայքարին մէջ ՌԴ-ի կողմէ ՀՀ-ին տրամադրուող լայնամաշտապ աջակցութեան շարունակութիւնն է:

Օդակայան գտնուած են նաեւ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Արտավազդ Վանեանն ու Երեւանի մէջ Россотрудничествo-ի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Արզումանեանը։