Հայաստան Հիմնադրամը կ’իրագործէ Սիւնիքի համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ

2021-11-22
Image

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Սիւնիքի մարզին մէջ մեկնարկած է համայնքային, կրթական եւ ընկերային նշանակութեան շարք մը խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրներ:

Հիմնադրամի աշխարհասփիւռ գործընկերներու միջոցներով՝ առաջին փուլով Սիւնիքի մարզի շարք մը բնակավայրերուն մէջ կը տեղադրուին արեւային ջրատաքացուցիչներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, այցելելով Սիւնիքի մարզի համայնքներ եւ հանդիպելով համայնքապետերուն հետ, անոնց առաջարկած էր ներկայացնել տեղեկութիւններ համայնքներու առաջնային խնդիրներու մասին: Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած էր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցիլ անոնց լուծման:

Քննարկումներու արդիւնքով՝ շարք մը խնդիրներու լուծման նպատակով կազմուած էր յատուկ ծրագիր, որ կ’իրականացուի փուլ առ փուլ՝ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համատեղ ուժերով: Կը գործադրուին բոլոր միջոցներն ու ջանքերը՝ մեր համայնքներու ու հայրենակիցներու հոգերը թեթեւցնելու համար: