Հայաստան վերադարձած է եւս մէկ գեր. Սուրէն Պապիկեան

2021-10-07
Image

Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձած է եւս մէկ գերի: Այս մասին Ազգային Ժողովի ամբիոնէն յայտնած էր ՀՀ փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան եւ վստահեցուցած, որ բոլորին ալ պարզ է, թէ ինչ գործունէութիւն կը վարէ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիները վերադարձնելու համար:

Հայաստան վերադարձած գերին Արթուր Պորիսի Դաւիթեանն է, որ Արցախի սահմանը անցած էր 22 Օգոստոս 2021-ին:

Փոխվարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ կ'ընեն գերիները վերադարձնելու համար: